Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը Երկրին Տնտեսութիւնը Պէտք Է Ըլլայ. Ըսաւ Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրրի կոչ ուղղեց կառավարութեան երկրին տնտեսական իրավիճակին բարելաւումը իր առաջնահերթութիւնը սեպել եւ անոր վրայ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել, որքան ալ այլ հարցեր ճնշող եւ անյետաձգելի ըլլան:

«Տօնական օրերը յաջորդող այս ժամանակամիջոցը պէտք է ըլլայ աշխոյժ եւ պտղաբեր». ըսաւ ան: «Երկրին պետական երկու կարեւոր հաստատութիւնները՝ Կառավարութիւնն ու խորհրդարանը պէտք է լաւագոյնս արտադրեն երկրին բարելաւութեան համար», շարունակեց ան:

Նապիհ Պըրըի  այս յայտարարութիւնները ըրաւ Այն էլ Թինիի իր նստավայրը այցելողներուն դիմաց:

Իր կողմէ Ֆինանսներու նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտարարեց, որ երկրին տնտեսութեան փրկութիւնը մեծապէս կախեալ է երկրին քաղաքական ուժերուն լրջութենէն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութենէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *