«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանցի ժողովուրդը շուտով պիտի անդրադառնայ ու զգայ, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը կը բարելաւուի: Այսպէս յայտարարեց Նախագահ Աուն Երկուշաբթի օր:
Մենք ունինք ծրագիր, որ պիտի օգնէ մեր տնտեսութեան քայլ առ քայլ բարելաւման եւ ՍԵՏՐի պայմաններու գոհացումին շարունակեց նախագահը խօսելով լրագրողներուն հետ:
Նագահահին խօսքը կը վերաբերի անցեալ տարուայ ՍԵՏՐԻ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին մեծ երկիրներ 11 միլիառ տոլար խոստացան լիբանանի տնտեսութեան, որուն փոխարէն կառավարութիւնը պէտք է պետական տնօրինման բարեկարգումի աշխատանքի մը ձեռնարկած ըլլայ: