«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աղբահանութեան հարցը լրջօրէն կը սպառնայ Լիբանանին: Երկրի կառավարման կառուցուածքը բարդ ըլլալուն հետեւանքով այսօրուան կառավարութիւնը յայտնուած է անկարողութեան առջեւ ինչպէս այլ, նաեւ այս հարցին պարագային:
Արդարեւ անցնող երեք տօնական օրերուն ընթացքին լիբանանեան մէկէ աւելի շրջաններու մէջ քաղաքացիներ փողոց իջնալով կառավարութիւնէն պահանջեցին անմիջապէս լուծել աղբահանութեան հարցը։
Աղբահանութեան խնդիրը շեշտակիօրէն տագնապալի դրութեան մէջ է մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, այդ շրջաններուն համար նախատեսուած աղբի կայաններէն մէկուն փակումէն ետք։
Նոյն հարցը շուտով տագնապի կրնայ վերածուիլ Պուրճ Համուտի եւ իր շրջակայքին մէջ, որուն աղբավայրին աղբ ընդունելու կարողութիւնը սպառած է:
Մտահոգիչ նաեւ այն է, որ եթէ վարչապետ Հարիրիի կառավարութիւնը չկարողանայ արագօրէն լուծել աղբավայրերու հարցը, ապա ամբողջ երկրին մէջ կրկին անգամ երեւան պիտի գայ աղբահանութեան տագնապը, որ իրողապէս կը սպառնայ երկրի կենսոլորտին ինչպէս նաեւ բնակիչներուն առողջութեան։