Տիւրզի Ղեկավարներուն Մէջ Մթնոլորտը Մեղմացաւ Կառավարութիւնը Ժողով Պիտի Կարենայ Գումարել Այսօր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Նախարարաց Խորհուրդը Ժողով պիտի գումարէ Շաբաթ օր».  Այսպէս յայտարարեց Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ տիւրզի ղեկավարներ ի մի բերելու եւ  հաշտութեան կարեւոր հանդիպումէ մը ետք, որ տեղի ունեցաւ  Պաապտայի ապարանքին մէջ գլխաւորութեամբ նախագահ Միշէլ Աունի եւ Խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին ներկայութեամբ:

Արդարեւ իրար հասկացողութեան նպատակով Երեսփոխաններ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Թալալ Արսլան նախագահին մօտ ժամանեցին ու հանդիպում մը ունեցան երկրին երեք ղեկավարներուն ներկայութեամբ, որուն որպէս արդիւնք լարուածութիւնը մեղմացաւ:

Յիշեցնենք, որ   տիւրզի  համայնքի  երկու  գլխաւոր    ղեկավարները  հանդիսացող  Ուալիտ Ժոմպլաթն ու   Թալալ  Արսլանը անցնող  շաբաթներուն բուռն  վէճերու բռնուած էին,  «Ալ Պասաթին»  եւ «Քապր Շմուն»   շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած    զինեալ  ծանր միջադէպերուն  պատճառով։

 Անոնց  միջեւ  առկայ     տարակարծութիւնները   նաեւ կապ ունին  երկու   առաջնորդներուն ունեցած    քաղաքական  արեւելումներուն:

Հարկ է նաեւ նշել, որ երկու տիւրզի առաջնորդներուն  միջեւ առկայ   տարակարծութիւնները    խորքային պատճառ  դարձած էին, որ  աւելի  քան  մէկ ամիսէ  ի վեր   վարչապետ Հարիրիի  կառավարութիւնը չկարողանայ     նիստ գումարել, հետեւաբար նաեւ  երկիրը  մատնել  քաղաքական անդամալոյծ    վիճակի։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *