«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մղիչ եւ յստակ ազդակներ պէտք են քաջալերելու համար քաղաքապետութիւններն ու լիբանանի բնակիչները իրենց արտադրած աղբը մասնատելու իր սկզբնաղբիւրէն սկսեալ, ըսաւ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրէյսաթի:
«Աշխարհի տարածքին քաջալերական պայմաններ կան, որոնք ժողովուրդը կը մղէ աղբերու տարանջատումին եւ վերամշակման սկսեալ իրենց բնակարաններէն: Մենք նման բան չունինք: Մենք պէտք է մտածենք այս բանին մասին». Ըսաւ նախարարը:
Քաղաքապետութիւններու Միութեան առջեւ նախարարը ներկայացուց իր տեսութիւնը ինչ կը վերաբերի վերամշակման առաջնահերթութիւններուն:
Աղբերու հարցի գլխաւոր լուծումը կը սկսի անոր արտադրութեան քանակին նուազեցումով. աւելցուց ան: