Հոգեւոր Առաջնորդները Ազգային Միասնութեան Կոչ Կ՝ընեն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդները Երեքշաբթի կոչ ըրին երկրի քաղաքական առաջնորդներուն՝ ապահովելու ազգային միասնութիւնն ու կայունութիւնը Կառավարութեան շարունակուող անել կացութեան ներքոյ:

«Ազգային եւ հոգեւոր տարբեր հարցեր» քննարկող, Իսլամ-Քրիստոնեայ գագաթնաժողովի բացման ժամանակ խօսք առին Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ կրօնական այլ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Գագաթնաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրի «հոգեւոր ընտանիքներուն» միջեւ միասնութիւնը «վաղուան Լիբանանի» հիմքն է:

Իր խօսքին մէջ, Տըրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական դէմքերուն կառչելու «երեք անհրաժեշտ հիմքերէ», որպէսզի երկիրը զերծ մնայ անախորժութիւններէ. Ազգային միասնութիւն, համակեցութիւն եւ հաւատարմութիւն Սահմանադրութեան։

«Մենք, հոգեւոր առաջնորդներս, խաղաթուղթ պիտի ըլլանք Սահմանադրութեան դէմ գացող իւրաքանչիւր փորձի առջեւ»,- աւելցուց Սիւննի առաջնորդը։

Յիշեցնենք, որ Կառավարութիւնը մօտ մէկ ամիս է առկախած է իր գործունէութիւնը՝ կապուած Ալէյի միջադէպին ընթացքին զոհուածներու հետաքննութիւնը իրականացնելուն հետ։

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան կը պնդէ, որ հարցը պէտք է փոխանցուի Դատական խորհուրդին։

Երեքշաբթի օրուան հանդիպման ընթացքին՝ Հասան արձագանգեց Տըրիանի մօտեցման, ըստ որուն Նախագահը պէտք է պահպանէ երկրի կայունութիւնը։

«Մենք կը դիմենք նախագահ Միշել Աունին, որ ի մի բերէ լիբանանցիները եւ արգիլէ որեւէ քայլ, որ պիտի վնասէ երկրի համակեցութեան հիմքին»,- ըսաւ ան։

Քաղաքական անել վիճակին մասին խօսելով մէկտեղ, ժողովին մասնակիցները նաեւ անդրադարձան երկրի դիմագրաւած տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրին, որուն վերաբերեալ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ նշուած էր.

«Կայ շատ լուրջ պահանջ, որ կառավարութիւնը վերադառնայ աշխատանքի, որպէսզի վերակենդանանայ տնտեսութիւնը»։

Ռայի պատրիարքը նաեւ պնդեց կարեւորութիւնը Լիբանանի կրօնական խումբերու համերաշխութեան, նշելով, թէ «անոնք պէտք է միանան մէկ նաւու մէջ, փոթորկոտ ծովու սրտին մէջ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *