Հազարաւոր Սուրիացիներ Փախուստի Դիմած են Դէպի Թրքական Սահման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Ֆարհան Հաքը յայտնած է, որ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ ընթացող բախումներուն հետեւանքով հազարաւոր սուրիացիներ նախորդ շաբաթուայ վերջը փախած են դէպի Թուրքիոյ սահման:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ թրքական «Եէնի չաղ» լրատուամիջոցը:

Խօսնակը յայտնած է, որ իրենք մտահոգ են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը ընթացող բախումներու հետեւանքով թիրախի մէջ յայտնուած երեք միլիոն սուրիացիներու անվտանգութեան համար:

Ան նաեւ նշած է, որ վերջին 4 ամսուայ բախումներու հետեւանքով սպաննուած է հինգ հարիւր մարդ, վնասուած է եօթ դպրոց եւ մէկ հիւանդանոց:   

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *