«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշել Աուն պիտի ստորագրէ 2019-ի պետական պիւտճէն եւ որեւէ բողոք պիտի չներկայացնէ անոր դէմ։ Այս մասին յայտնեց նախագահութեան հարցերով պետական նախարար Սելիմ Ժրէյսաթի։
Աուն առ այժմ ձեռնպահ մնացած էր պիւտճէի ստորագրութենէն։ Նախագահականէն յայտնած էին, թէ «պիւտճէի 80-րդ յօդուածին վերաբերեալ թիւրիմացութիւն մը կայ, որ յստակեցում կը պահանջէ»։
Ժրէյսաթի՝ իբրեւ նախագահի յատուկ պատուիրակ՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, թէ պիւտճէի ստորագրութեան ուշացումը արդիւնք է անոր մանրազննին ուսումնասիրութեան եւ 80-րդ յօդուածին վերաբերեալ լուծման ճանապարհները քննարկելուն։
Նախագահը, սակայն, ստորագրելով մէկտեղ պիւտճէն, խորհրդարանէն պիտի պահանջէ անհրաժեշտ յստակեցում։ Ժրէյսաթիի խօսքով՝ նախագահը «հաղորդագրութիւն պիտի ուղարկէ խորհրդարանին՝ բացատրութիւն պահանջելով Սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածին մասին», ըստ որուն խորհրդարանէն կը պահանջուի ստեղծել ազգային յանձնաժողովը մը, որ պիտի վերացնէ համայնքային դրութիւնը։