«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի ունեցան արտակարգ զրոյց մը։ Նոյն օրը Կառավարութեան հանդիպումը դարձեալ չկայացաւ Ալէյի միջադէպին պատճառով, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ նախագահը կ՝ուշացնէր 2019-ի պետական պիւտճէի ստորագրութիւնը։
Վարչապետը կը փորձէր վերսկսիլ կառավարութեան նիստերը, որոնք կասեցուած են 30 Յունիսի Քապըր Շմունի բախումներուն հետեւանքով:
Կառավարութեան աշխատանքը կասեցուեցաւ, երբ նախագահ Միշել Աուն ընդհատեց պիւտճէի ստորագրութիւնը՝ նկատի առնելով հարցականի տակ գտնուող այն յօդուածը, որ կը նշէ քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի դիմորդներու աշխատանքի ընդունումը, որոնք յաջողած են իրենց քննութիւններուն։
Եթէ նախագահը չստորագրէ՝ օրէնքին կատարումը մէկ ամիս պիտի ուշանայ: