«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիան չէ յայտնած Թուրքիային Ս-400 զենիթահրթիռային համակարգերու երկրորդ խմբաքանակի մատակարարման յստակ ժամկէտները:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը տեղեկացնէ թրքական «Եէնի չաղ» լրատուամիջոցը:
Ռուսիոյ դաշնային ռազմական եւ տեխնիկական համագործակցութեան ծառայութեան ղեկավար Տմիդրի Շուկաեւ յայտնած է, որ Ս-400-ներու երկրորդ խմբաքանակի մատակարարումը Թուրքիային տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, սակայն յստակ ժամկէտներ չէ նշած: