«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Հնգեակ»-ի (Ռուսիա, Չինաստան, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա) եւ Իրանի ներկայացուցիչները Վիեննայի մէջ կ’իրականացնեն Թեհրանի հետ միջուկային գործարքի ճգնաժամի շուրջ կարգաւորման հանդիպումը, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի թղթակիցը։
Բանակցութիւններուն վայրը, ինչպէս նախորդ տարիներուն էր, Palais Coburg հիւրանոցն է։
Համատեղ յանձնաժողովի ներկայ նիստը, կը սպասուի, որ դառնայ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններուն համատեղ համապարփակ ծրագրի վերաբերեալ նախարարական բանակցութիւններու նախապատրաստումը։
ՌԴ պատուիրակութեան ղեկավար, ԱԳ փոխնախարար Սերգէյ Ռիապքովը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցին յոյս յայտնած է, որ հրասայլ վարողներու ձերբակալման եւ Հորմուզի նեղուցի մէջ նաւարկութեան անվտանգութեան ապահովման առժամեայ միութիւն ստեղծելու ԱՄՆ-ի մտադրութեան հետ կապուած իրավիճակը պիտի չանդրադառնայ յառաջիկայ հանդիպման վրայ։
Ան ընդգծած է, որ Մոսուան կը շարունակէ Իրանին կոչ ընել ձեռնպահ մնալու միջուկային գործարքի շուրջ իրավիճակը սրող քայլերէն, սակայն պատասխանատուութիւն պէտք է դրսեւօրեն Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի բոլոր մասնակիցները։