«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՌԴ մայրաքաղաք Մոսկուայի կեդրոնին մէջ Յուլիս 27-ին տեղի ունեցած է չհամաձայնեցուած բողոքի ցոյց, որուն կը մասնակցի շուրջ 3500 մարդ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է մայրաքաղաքի ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Ցոյցը քաղաքի իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած չէ: Աւելի վաղ Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոբիանինը յայտարարած էր, որ անկարգութիւններ կազմակերպելու փորձերը լաւ բանի չեն յանգեցներ, քաղաքի մէջ կարգ ու կանոնը պիտի հաստատուի օրէնքի համաձայն:
Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչները կը պահանջեն Մոսկուայի քաղաքային տումայի ընտրութիւններուն անկախ թեկնածուներու գրանցում: