Պիւտճէի Մասին «Թիւրիմացութիւն»ը Կ՝ուշացնէ Աունի Ստորագրութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշել Աուն կ՝ուշացնէ 2019-ի պետական պիւտճէին ստորագրութիւնը՝ պետական վճարումներուն վերաբերեալ յօդուածին հակասական ըլլալուն վերաբերեալ բարձրացած «աղմուկ»-ին պատճառով։ Այս մասին նշուած է նախագահականէն հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ։

Նախագահի գրասենեակէն յայտնեցին, թէ 2019-ի պետական պիւտճէն ստացած են Չորեքշաբթի երեկոյեան եւ սկսած են ուսումնասիրել զայն՝ նախքան նախագահին յանձնելը։

«Պարզուեցաւ, որ պիւտճէի 80-րդ յօդուածին վերաբերեալ թիւրիմացութիւն մը կայ, որ յստակեցում կը պահանջէ»,- յայտնեցին նախագահականէն։

Հարցականի տակ գտնուող յօդուածը կը նշէ քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի դիմորդներու աշխատանքի ընդունումը, որոնք յաջողած են իրենց քննութիւններուն, սակայն պէտք է ընտրուին կրօնական անհաւասարակշռութեան պատճառով ստեղծուած քաղաքական բռնութիւններուն հիման վրայ:

Աունը տակաւին չէ ստորագրած պիւտճէն՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստորագրութիւններէն ետք։ Եթէ նախագահը չստորագրէ՝ ատիկա մէկ ամիսով պիտի ուշացնէ օրէնքին կատարումը։

Հարիրի եւ Աուն Հինգշաբթի հանդիպած էին քննարկելու նշեալ հարցը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *