ԵՈՒՆԻՖԻԼ. ԱՄՆ Հաւատարիմ է Լիբանանին Աջակցելու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ուաշինկթըն հաւատարիմ է աջակցելու Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ իրականացուող խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան։ Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն։

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութենէն եղած յայտարարութեան մը մէջ նշուած է, թէ Փոմփէօ հաղորդագրութիւն յղած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին։ Ըստ Պասիլի՝ հաղորդագրութեան մէջ Փոմփէօ հաստատած է, թէ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է աջակցելու Լիբանանի անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման գործին։

Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Փոմփէօ յայտնած է, թէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը անհրաժեշտ էին «դիմակայելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները», ընդգծելով, թէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի համար պատշաճ պիւտճէի մը յատկացումը կարեւոր էր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *