«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հըզպալլայի խորհրդարանական պլոքը, Հինգշաբթի, կոչ ըրաւ արագ որոշում կայացնելու Լիբանանի մէջ բնակող պաղեստինցի աշխատողներուն համար յառաջացած մտահոգութիւններուն վերաբերեալ:
«Պլոքը կոչ կ՝ընէ Լիբանանի մէջ բնակող պաղեստինցի աշխատողներու կացութեան տալ իրատեսական լուծում… որ հաւատարիմ է արդար օրէնքներուն եւ մարդու իրաւունքներուն»,- նշուած է Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի յայտարարութեան մէջ։
Լիբանանի պաղեստինցիները վերջին երկու շաբաթը կը բողոքէին օտարահպատակ աշխատողներու հանդէպ Աշխատանքի նախարարութեան ճնշման դէմ, որուն թիրախը կը հանդիսանան իրենք։ Աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման գործարարութիւններուն տուած էր մէկ ամիս ժամանակ, որպէսզի բոլոր ոչ լիբանանցի աշխատակիցները ստանան աշխատանքի արտօնութիւն՝ նախքան ստուգողները սկսին տուգանք տալ իրենց։
Ապու Սլէյման յաճախ կրկնած էր, որ ինքը պարզապէս օրէնքի միջոցով կ՝աշխատի դիւրացնել պաղեստինցիներուն աշխատանքի արտօնութիւն ստանալու գործընթացը։
Պլոքը նշեց, որ խնդիրին վերաբերեալ որեւէ միջոց պէտք է «դրականօրէն արտացոլէ Լիբանանի ժողովուրդին ընկալումը՝ երկրին մէջ բնակող պաղեստինցիներուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին»: