«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ -Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուն հանդէս եկած է Թուրքիոյ մէջ հաստատուած փախստականներու վերաբերեալ յայտարարութեամբ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է թրքական «Demokrathaber» լրատուամիջոցը:
«Անցեալ տարի, ընդհանուր առմամբ, 56 հազար ապօրինի գաղթական արտաքսած ենք երկրէն: Այս տարի նախատեսած ենք արտաքսել 80 հազար գաղթական, ինչը նախորդ տարուայ ցուցանիշի համեմատ՝ մօտաւորապէս 40-50 տոկոս բարձր է: Ստիպուած ենք նման քայլի դիմելու»,- նշած է ան:
Ապա Սոյլուն խօսած է վերջին տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ երկիր մուտք գործելու ցանկութիւն յայտնած փախստականներուն նկատմամբ կիրառուած արգելքներու ցուցանիշներուն մասին:
«Միայն 2016 թուականին Թուրքիոյ հարաւային եւ արեւելեան սահմաններն անցնիլը արգիլուած է 729 հազար 340 փախստականի: Իսկ 2018 թուականի ցուցանիշը եղած է 547 հազար 857: 2019 թուականին մինչ օրս 167 հազար 874 փախստականի թոյլ չէ տրուած հատել Թուրքիոյ սահմանը»,- յայտնած է նախարարը: