«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ Մուղլա նահանգի Պոտրում գաւառի առափնեայ հատուածներու մէջ ընկղմած է ապօրինի գաղթականներ տեղափոխող նաւը: Յաջողած են փրկել 8 հոգի, իսկ մէկը` անհետ կորսուած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ անհետ կորսուած անձը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կ’իրականացուին: Իսկ փրկուած ապօրինի գաղթականները տեղափոխուած են ոստիկանական բաժին: