«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլին հեռատեսիլային եթերի ժամանակ խօսած է ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու եւ թրքական սպառազինութեան մասին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է թրքական «Միլիեթ» լրատուամիջոցը:
«Եթէ ԱՄՆ-ն Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերում ցուցաբերէ եւ պատժամիջոցներ կիրառէ, ապա մենք ալ ԱՄՆ-ի դէմ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկենք»,- նշած է ան:
Չաւուշօղլին խօսած է նաեւ Ֆ-35 կործանիչներու ծրագրի մասին:
«Ֆ-35-երը նոր արուեստագիտութեամբ արտադրուող կործանիչներ են: Անիկա էր պատճառը, որ մենք այդ ծրագրի ծիրէն ներս սկսանք համագործակցիլ ԱՄՆ-ի հետ եւ վճարեցինք 1.4 միլիառ տոլար: Ուստի, մեր նպատակն է ձեռք բերել այդ կործանիչները: Սակայն, եթէ ատիկա չյաջողի, մենք պիտի փորձենք այլընտրանքային ուղիներով ձեռք բերել երկրի համար անհրաժեշտ սպառազինութիւնը, ինչպէս եղաւ Ս-400-ներու պարագային»,- յայտնած է ան:
Նախարարը ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիան սեփական ռազմաարդիւնաբերութեան մեծ տեղ կու տայ եւ լուրջ ներդրումներու շնորհիւ այս պահուն կրնայ ապահովել երկրի համար անհրաժեշտ սպառազինութեան 70 տոկոսը: