Աքշեներ Խօսած է Թուրքիոյ Մէջ Գործող Կառավարման Համակարգի եւ Հիմնադրուելիք Նոր Կուսակցութեան Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ յայտնած է, որ հզօրացած խորհրդարանական համակարգը Թուրքոյ համար առաւել նպատակայարմար պիտի ըլլայ: Ան անդրադարձած է նաեւ ստեղծուելիք նոր կուսակցութեան:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է թրքական «Եէնի չաղ» լրատուամիջոցը:

«Կը կարծեմ, որ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգի փոխարէն աւելի անհրաժեշտ է կիրառել ժողովրդավարական համակարգ: Գործող համակարգը ընդունուած է արագօրէն, եւ բաւարար չափով չէ քննարկուած հասարակութեան շրջանակէն ներս»,- նշած է ան:

Աքշեներ նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտուլահ Կիւլի եւ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կողմէ նոր կուսակցութիւն հիմնելու հարցին:

«Կը հաւատամ, որ նոր կուսակցութիւնը յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ ընտրողներու համար պիտի ծառայէ որպէս այլընտրանք»,- եզրափակած է ան:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *