«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ այս պահուն չի մտածեր Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու մասին՝ Թուրքիոյ ռուսական Ս-400 զենիթահրթիռային ՀՕՊ համակարգեր գնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով գերմանական «Deutsche Welle» լրատուամիջոցը:
«Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու ուղղութեամբ դեռ չեմ մտածեր: Կը քննարկենք, կը գնահատենք իրավիճակը: Շատ դժուար իրավիճակ մը ստեղծուած է: Պէտք է տեսնենք՝ ինչպէս պիտի ազատինք այս վիճակէն»,- նշած է Թրամփ: