«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հանգստեան կոչուած զինուորական պաշտօնեաներ Հինգշաբթի օր վիճաբանութիւն մը ունեցան անվտանգութեան աշխատակիցներու հետ, երբ անոնք փորձեցին շարժիլ դէպի խորհրդարան, ուր օրէնսդիրները հրաւիրուած էին 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քուէարկութիւնը սկսելու:
Երեսփոխանները քննարկումներուն երրորդ օրը աւարտեցին երեկոյեան ժամը 8-ի սահմաններուն՝ հաւանութիւն տալով եւս վեց ամիս հաշիւներու փակման յետաձգման:
Ցոյցի ելած կարգ մը վեթերաններ՝ անվտանգութեան մետաղեայ պարիսպները շրջանցելով փորձեցին անցնիլ. Անոնցմէ ոմանք, սակայն, տարուեցան շտապօգնութեան մեքենաներով:
Նշենք, որ վեթերանները բողոքի ցոյցեր սկսած էին Երեքշաբթի առաւօտեան, երբ խորհրդարանը առաջին անգամ կը հանդիպէր քննարկելու խնայողութիւններու պիւտճէն, որ իր ներկայ ձեւով վեթերաններուն կը ներկայացնէ նոր կենսաթոշակներու 1.5 տոկոս հարկ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը ղեկավարէր երեկոյեան նիստը՝ կոչ ըրաւ բոլոր երեսփոխաններուն մասնակցելու եւ քուէարկելու պիւտճէի նախագիծի օգտին: