«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատուն յայտնեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու մնայ տարածաշրջանի ճգնաժամէն։
«Իրան կը շեշտէ, որ Լիբանանը պէտք է հեռու մնայ տարածաշրջանին մէջ առկայ բոլոր հակամարտութիւններէն եւ մենք կը հաւատանք, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը անվտանգութիւն է տարածաշրջանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար»,- ըսաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան։
Պըրրիի գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն՝ Ամիր-Ապտոլլահեան ըսաւ, որ Իրանը լիովին աջակցած է Լիբանանի ժողովուրդին, բանակին, կառավարութեան եւ «դիմադրութեան»:
«Իրանը եւ անոր դաշնակիցները թոյլ պիտի չտան, որ սիոնական կառոյցը (Իսրայէլ) եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները խախտեն տարածաշրջանի անվտանգութիւնը»,- աւելցուց ան: