Թուրքիան Արձագանգած է Իր Դէմ Կիրառուելիք ԵՄ-ի՝ Պատժամիջոցներու Որոշման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութենէն յայտնած են, որ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի՝ պատժամիջոցներու մասին կայացուցած որոշումը որեւէ կերպ պիտի չազդէ Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջաններու մէջ՝ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, իրականացուող հորատման աշխատանքներուն վրայ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը, այս մասին Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարութիւնը հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն:

«ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի հրապարակած որոշման մէջ չի նշուիր, որ Կիպրոս կղզիի բնական պաշարներու նկատմամբ Կիպրոսի թուրքերը յոյներուն հաւասար իրաւունքներ ունին: Այս առումով ԵՄ-ն անկողմնակալ չէ գտնուած»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեամբ նաեւ կ’ըսուի, որ Կիպրոսի հարցը մինչ օրս չէ լուծուած, քանի որ Կիպրոսի յոյները 1963 թուականէն այս կողմ չեն ճանչնար Կիպրոսի թուրքերու հետ քաղաքական հաւասարութիւն ունենալու հանգամանքը:

«Այս հարցին շուրջ լուծում հնարաւոր կ’ըլլայ գտնել միայն Կիպրոսի թուրքերու իրաւունքներու պահպանումը երաշխաւորելու պայմաններուն մէջ, երբ ԵՄ-ն ընդունի, որ Կիպրոսի թուրքերը կղզիի նկատմամբ ունին յոյներուն հաւասար իրաւունքներ,- գրուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *