«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ Պասթիլի գրաւման նուիրուած զինուորական շքերթէն ետք Փարիզի մէջ ոստիկանութեան հետ սկսած ընդհարումները տեղափոխուած են Ելիսէյեան դաշտերու շրջան, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ-Նովոսթի»-ի թղթակիցը դէպքերու վայրէն։
Ցուցարարները Ֆրանսայի մայրաքաղաքի գլխաւոր փողոց կը բերեն երկաթէ փակոցներ, ու ձգած մայթերուն վրայ։ Ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան ծառայողները կը փորձեն հանել փակոցները։
Ոստիկանութեան հետ բախումները տեղի կ’ունենան Ելիսէյեան դաշտերու տարբեր տեղերու մէջ, փողոցը յաճախ կը ծածկէ ծխագլաններու ծուխը, իսկ քամին արցունքաբեր կազ կը բերէ։
BFMTV-ի տեղեկատուութեան համաձայն, ոստիկանութեան տուեալներով՝ Յուլիս 14-ի առաջին կիսուն ձերբակալուած է արդէն 152 մարդ։