«Զարթօնք», Պէյրութ – Ուրբաթ օր Ուժանիւթի նախարարութիւնը սկսաւ նախնական առաջարկներ ընդունիլ այն ընկերութիւններէն, որոնք շահագրգռուած են Լիբանանի ուժանիւթի նոր ծրագիրով կառուցելու երկու ելեկտրակայան:
Ընդունելով այս նախնական առաջարկները՝ կառավարութիւնը կը յուսայ ճշդել շուկայական հետաքրքրութիւնը նոր ծրագիրին վերաբերեալ եւ շահառուներու արհեստագիտական ու նիւթական հնարաւորութիւնները, որոնք նաեւ պիտի նպաստեն ուժանիւթի ծրագրի ընդլայնման։
Առաջարկները կ՝ընդունուին ծրագիրով նախատեսուած վեց նոր ելեկտրակայաններէն երկուքին համար, որոնք կառավարութեան կողմէ հաստատուած էին Ապրիլին:
Ելեկտրակայանները պիտի կառուցուին հարաւային Զահրանի եւ հիւսիսային Սէլաաթայի մէջ: Նախատեսուած է, որ 2022-ին անոնք առցանց ըլլան՝ իւրաքանչիւրը արտադրելով 360 մ/ու, իսկ 2023-ին՝ 550 մ/ու:
Այժմ Լիբանանը ունի 1500 մ/ու ելեկրականութեան պակաս։
Նոր ծրագիրով հետաքրքրուած են General Electric-ը, Siemens-ը եւ Mitsubishi-ն։