«Զարթօնք», Պէյրութ – Տաք ամրան քամիները այսօր կը հասնին մինչեւ 70 քլմ/ժամ արագութեամբ, որուն կ՝ուղեկցին խոնաւութիւնն ու ջերմաստիճանի բարձրացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Պէյրութի օդակայանի օդերեւութաբանական բաժանմունքը:
Աղբիւրին համաձայն՝ քամիները պիտի ըլլան տաք, բայց առանց փոշիի կամ աւազի, քանի որ անոնք կու գան հարաւ-արեւմտեան շրջաններէ։
Ջերմաստիճանը, այսօր, տարբեր շրջաններու մէջ, պիտի տատանուի 18-34 աստիճանի միջեւ, բայց կ՝ակնկալուի, որ Շաբաթ օր իջնէ՝ տատանուելով 15-32 աստիճանի միջեւ: