«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճան իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն հեռանալէն ետք սեղմեց նոր կուսակցութիւն հիմնելու կոճակը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը տեղեկացնէ թրքական «Սէօզճու»-ն:
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նոր կուսակցութեան հիմնադրման առնչուող հիմնական աշխատանքները պիտի կատարուին մինչեւ Հոկտեմբեր: Կը նախատեսուի, որ կուսակցութեան հիմնադիրները պիտի կիրառեն Թուրքիոյ 19-րդ վարչապետ եւ 8-րդ նախագահ Թ. Օզալի հիմնած «Մայր հայրենիք» կուսակցութեան ձեւաչափը: Անկէ կարելի է ենթադրել, որ կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 4 ուղղուածութիւն՝ լիպերալ, սոցիալ-դեմոկրատական, պահպանողական եւ ազգայնական:
Ալի Պապաճան յայտնած է, որ կուսակցութեան հիմնական նպատակը խորհրդարանէն ներս խմբակցութիւն ստեղծելը չէ, ուստի պատգամաւորներու հետ կապուած ԱԶԿ-ի հետ բանակցութիւններու մէջ պիտի չմտնէ: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ նոր կուսակցութեան դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ԱԶԿ-էն դժգոհ պատգամաւորներուն համար:
Խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որ 20 պատգամաւոր անցնի իրենց կողմը: Հակառակ անոր որ ԱԶԿ ղեկավարները հաւանական չեն համարեր այդ մէկը, այնուամենայնիւ, կը փորձեն, ներքին կանոնադրութեան փոփոխութիւններ իրականացնելով, խորհրդարանի մէջ խմբակցութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ պատգամաւորներու թիւը 20-էն հասցնել 30-ի: