«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կը տնօրինէ Հըզպալլայի երեք բարձրաստիճան անդամներուն համար։ Ուաշինկթըն, առաջին անգամ ըլլալով, նպատակ դրած է հետապնդելու նշեալ կուսակցութեան երեսփոխանները:
ԱՄՆ Գանձապետական բաժինէն նշած են երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի, երեսփոխան Ամին Շրրիի եւ անվտանգութեան գծով ղեկավար Ուաֆիք Սաֆայի անունները՝ իբրեւ «յատուկ նշանակուած համաշխարհային ահաբեկիչներ», զիրենք անջատելով միջազգային ելեւմտական համակարգէն:
«Հըզպալլան կ՝օգտագործէ իր գործակատարները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ՝ պաշտպանելու համար ահաբեկչական խումբի նիւթական եւ անվտանգութեան շահերը, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելու Իրանի վնասակար գործունէութեան»,- Գանձապետական բաժինէն յայտնեց ԱՄՆ-ի ահաբեկչութեան եւ ելեւմուտքի հարցերով ժամանակաւոր հաւատարմատար Սիկալ Մանտելքըր։
Յայտարարութիւնը արագօրէն դատապարտուած է Լիբանանի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէն: «Պատժամիջոցները կը մտահոգեն բոլոր լիբանանցիները, թէեւ անոնց թիրախը Հըզպալլան է: Լիբանանի կողմէ ձեռնարկուած միջոցները եւ այն օրէնքները, որոնք ընդունուած են … այս պատժամիջոցները անթոյլատրելի կը դարձնեն, եւ այդ միջոցները չեն ծառայեր ելեւմուտքի կայունութեան», գրած է ան եւ աւելցուցած, «Մենք հաւատարիմ ենք այս խնդրին վերաբերող բոլոր իրաւական չափանիշներուն, Լիբանանը հաւատարիմ երկիր է, անոր դրամատուները հաւատարիմ են բոլոր կանոնակարգերուն, եւ որեւէ արդարացում չկայ, որ այդ պատժամիջոցները գործադրուին»:
Իր հերթին, Շարրի մերժեց նշեալ քայլը: «Անիկա միայն հաղորդագրութիւն մըն է, ոչ աւելին»,- ըսաւ ան լրագրողներուն՝ խորհրդարան մտած պահուն:
Շարրի կը մեղադրուի «դրամատան աշխատողներն ու անոնց ընտանիքները» սպառնացած ըլլալու մէջ եւ Ուաշինկթընի կողմէ 2015-ին պատժուած Հըզպալլայի կարծեցեալ նուիրատու Ատհամ Թապաժայի հետ սերտ յարաբերութիւններ պահպանելուն համար:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Հըզպալլան Սաֆայի համար լծակ եղած է, որպէսզի նպաստէ ապրանքներ, ներառեալ ապօրինի թմրամիջոցներ եւ զէնք անցնելու Պէյրութի նաւահանգիստէն», նաեւ՝ Հըզպալլայի անվտանգութեան ղեկավարը եւս սերտ կապեր ունի Թապաժայի հետ:
Նշուած է, որ երեքն ալ նշանակուած են «Հըզպալլայի համար կամ անոր անունով հանդէս գալու համար»:
Նշենք, որ ԱՄՆ-ն, 1995-էն ի վեր, աւելի քան 50 դատական գործ յարուցած է Հըզպալլայի եւ անոր անդամներուն դէմ: