«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց, թէ պիւտճէին վերաբերեալ վերջնական լսումները պիտի կայանան այս շաբթուան սկիզբը:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ յանձնաժողովը, որ 10 Յունիսէն ի վեր պարբերաբար կը գումարէր նիստեր՝ նուիրուած 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի ուսումնասիրութեան, այսօր կամ Երեքշաբթի պիտի գումարէ իր վերջին նստաշրջանը, որմէ ետք օրինագիծը պիտի փոխանցէ Խորհրդարան:
«Ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնաժողովը աւարտած է ամէն ինչ, բացառութեամբ այն յօդուածներուն եւ յատկացումներուն, որոնք յետաձգուած էին»,- ըսած էր Քանաան, Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք:
Նշեալ հանդիպման ժամանակ Քանաան հաստատած էր, որ պիւտճէն կրնայ պակասուրդը կրճատել մինչեւ համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 7.59 տոկոսի սահմաններուն, եթէ կառավարութիւնը համագործակցի:
2019-ի Պետական պիւտճէի նախագիծը, որ արդէն հաստատուած է կառավարութեան կողմէն, կը ներառէ պետական ծախսերու եւ հարկերու աճի կրճատումներ: