«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա, Կիրակի օր, Ազգային Ազատ հոսանքի առաջնորդ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլին կոչ ըրաւ դադրեցնելու «լարուած հռետորաբանութեամբ ելոյթները»՝ մեղադրելով զինք կառավարութեան աշխատանքները խափանելու մէջ:
«Պասիլ մեզ 50 տարի ետ տարաւ՝ ամէն ինչ քննարկելով սեւ սրտով եւ կրկին լարուածութիւն յառաջացնելով»,- ըսաւ Ժաաժաա:
Անոր այդ մեկնաբանութիւնը յաջորդած էր Շաբաթ օր Թրիփոլիի մէջ Պասիլի ունեցած ելոյթին։ Արտաքին գործոց նախարարը, իր ելոյթին ընթացքին, հարուածած էր Ալէյի դէպքերէն մէկ շաբաթ անց Հիւսիսային ափամերձ քաղաքը շրջելուն համար իրեն հասած քննադատութիւնները։
«Հակամարտութիւնը չի ձգեր Թրիփոլի այցելեմ: Անիկա կը խոչընդոտէ իմ եւ Ազգային Ազատ հոսանքի Թրիփոլի գալուն»,- ըսած է ան՝ շեշտելով, որ Ազգային Ազատ հոսանքը չէր նախկին վարչապետը սպաննողը, որ Թրիփոլիէն էր։