«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մատրիտի մէջ ձերբակալուած է Սպանիոյ պատմութեան մէջ խոշորագոյն կայքահէնը, որուն ձերբակալելու որոշումը կայացուցած էր 25 տարբեր դատարան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:
Լիւբեն մականունը կրող 23-ամեայ սպանացին համացանցի վրայ ապրանքանիշներու կեղծ խանութներուն շնորհիւ կը կարենար ամէն ամիս վաստակել մինչեւ 300 հազար եւրօ: Իրաւապահ մարմինները կ՝ենթադրեն, որ երիտասարդը անօրինական գործունէութեամբ կը զբաղի երեք տարիէ ի վեր:
Յայտնի է, որ ան անընդհատ փոխած է անունը եւ բնակութեան հասցէն:
Լիւբենէն բացի ձերբակալուած է եւս երկու մարդ, առգրաւուած են 50 հեռաձայն եւ 100 հեռաձայնային քարտ: