Թուրքիոյ Մէջ Կիւլենին Յարելու Մեղադրանքով Ձերբակալուած է 137 Անձ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պոլսոյ, Իզմիրի, Քոճաելիի եւ Քոնիայի մէջ, 2 Յուլիսի առաւօտեան ժամերուն, թրքական ոստիկանական ուժերու իրականացուցած գործողութիւններուն ծիրէն ներս՝ Ֆեթուլլահ Կիւլենի քարոզած գաղափարախօսութեան յարելու մեղադրանքով՝ ձերբակալուած է 137 անձ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Hurriyet»-ը՝ հարցաքննութեան նպատակով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է 40 զինուորական:

Իզմիրի, Քոնիայի եւ Քոճաելիի մէջ ձերբակալուածներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 97-ի: Անոնք կը մեղադրուին Կիւլենի քարոզած գաղափարներուն յարելու մէջ:

Պաշտօնական Անգարան չափաւոր իսլամի քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենն ու անոր հետեւորդները կը մեղադրէ 15 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ: Կիւլենը երկար տարիներ է կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն դեռ որոշ ազդեցութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *