Սահմանադրական Խորհուրդը Չեղարկած է Ժամալիի Դէմ Դատական Հայցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը որոշում կայացուցած է չեղարկելու դատարանի Թրիփոլիի երեսփոխան Տիմա Ժամալի դէմ յարուցուած դատական ​​հայցը, երբ վերջինս՝ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է դատարանէն:

Սահմանադրական խորհուրդը, Ապրիլին դատական ​​հայց ներկայացուցած էր Ժամալիի դէմ, երբ ան, լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած տեսանիւթին համաձայն, իր կողմնակիցներուն կը յայտնէր «քաղաքական միջամտութիւններն» ու մարմնին վճարուող գումարները պատճառ դարձած էին խորհրդարանէն իր հեռացումին:

Դատարանը Փետրուարին պաշտօնազրկած էր Ժամալին՝ Մայիս 2018 թ. Խորհրդարանական ընտրութիւններուն չյաջողած մրցակիցի մը՝ Թահա Նաժիի բողոքին հիման վրայ:

Ժամալի ներողութիւն խնդրած էր խորհուրդէն այս ամսուան սկիզբը, երբ դատարան կը գտնուէր՝ իր երկրորդ յաջողած ընտրութեան դէմ ներկայացուած ձախողած թեկնածու Եահեա Մաալուտի դիմումին համաձայն։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *