«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Կառավարութիւնը Հինգշաբթի ընդգծեց իր պաշտօնական մերժումը ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի այսպէս կոչուած գործարքին՝ ԱՄՆ-ի ծրագիրը Իսրայէլա-Պաղեստինեան խաղաղութեան։ Նախօրէին, օրէնսդրական նիստին ժամանակ, խորհրդարանը եւս մերժած էր նշեալ գործարքը:
Թէեւ ծրագիրը ամբողջովին չէ հրապարակուած, դիտորդները զգուշացուցած են, որ, ատիկա Լիբանանի եւ միւս երկիրներուն համար տեսակ մը կաշառք է՝ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան դիմաց:
Հարիրի վերահաստատեց, որ Լիբանանի Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ գաղթականներու տեղակայման որեւէ տարբերակ Լիբանանի մէջ:
Կառավարութիւնը, որ նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ, հաւանութիւն տուաւ քննարկուող 40 յօդուածներէն մեծ մասին:
Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ 220-րդ օրէնքի 73-րդ յօդուածի կիրառման մասին որոշման, որ կը նախատեսէ սահմանափակել հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու հանրային հատուածի աշխատատեղերու ընդհանուր թիւին 3 տոկոսը: