«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի Չորեքշաբթի օր ընդգծեց Լիբանանի մերժումը դարի այսպէս կոչուած գործարքին՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան խաղաղութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու առաջարկին:
«Կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ ամբողջ Լիբանանը դէմ են «դարի գործարքին»»,- ըսաւ Հարիրի` օրէնսդիր նիստին ժամանակ խորհրդարանէն ներս իր ելոյթին ընթացքին:
Երեքշաբթի օր Պահրէյնի մէջ սկսած երկօրեայ միջազգային հանդիպման ժամանակ՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ներկայացուց տնտեսական ծրագիր մը, իբրեւ ընդարձակ քաղաքական ծրագրի մը առաջին մասը՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման համար:
Անիկա կ’առաջարկէ աւելի քան 50 միլիառ տոլար, իբրեւ խթանիչ ուժ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ գրաւեալ Պաղեստինեան տարածքներու տնտեսութեան: Լիբանանի բաժինը պիտի կազմէ 6 միլիառ տոլար:
Թէեւ ծրագիրը ամբողջովին չէ հրապարակուած, դիտորդները զգուշացուցած են, որ, ատիկա Լիբանանի եւ միւս երկիրներուն համար տեսակ մը կաշառք է՝ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան դիմաց:
Հարիրին վերահաստատեց, որ Լիբանանի Սահմանադրութիւնը կ՝արգիլէ գաղթականներու տեղակայման որեւէ տարբերակ Լիբանանի մէջ: