«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հարիւրաւոր ցուցարարներ Երեքշաբթի հաւաքուեցան Պէյրութի եւ Լիբանանի հարաւային պաղեստինեան գաղթականներու ճամբարներուն մէջ՝ դատապարտելով Պահրէյնի մէջ իրականացուող ԱՄՆ-ի կազմակերպած միջազգային հանդիպումը, որ կը վերաբերի Իսրայէլ-Պաղեստինեան խաղաղութեան տնտեսական ծրագիրին:
Հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցաւ նաեւ Սայտայի Այն ալ-Հլուէ եւ Միյէհ Միյէհի եւ Սուրի ճամբարներուն մէջ։
Բողոքի ցոյցերը կազմակերպուած էին «Համաս» շարժման կողմէ` «Ոչ՝ դարի գործարքին համար. Պահրէյնի խորհրդաժողովը պէտք է ձախողի» արտայայտութիւններով:
Լիբանանի մէջ շարժման ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտըլ Հատի Պահրէյնի խորհրդաժողովը ներկայացուց իբրեւ ոչ պակաս, քան «պաղեստինն ու պաղեստինցիները վաճառելու փորձ»: «Նոյնիսկ եթէ մեզի տաք ամբողջ աշխարհի գումարը … մենք պիտի չի տանք մեր հողը»,- ըսաւ ան:
Նշենք, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի այսպէս կոչուած գործարքի տնտեսական հատուածը կ՝առաջարկէ աւելի քան 50 միլիառ տոլար` ձգտելով սկսիլ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ գրաւեալ Պաղեստինեան տարածքներու տնտեսութիւններէն: Լիբանանի բաժինը կը կազմէ 6 միլիառ տոլար:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանը պոյքոթի ենթարկած է Պահրէյնի խորհրդաժողովը եւ երկրին մէջ լիբանանեան ու պաղեստինեան պաշտօնեաները դատապարտած են ԱՄՆ-ի առաջարկը: