«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած Էքրեմ Իմամօղլուն խօսած է ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ապագայ ծրագրերու մասին:
Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք ՀԺԿ թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն իր ուղերձը յղեց ժողովուրդին՝ նախապէս շնորհաւորելով զիրենք:
«Մենք կողմ ենք, որ աշխատի ժողովրդավարութեան ժամացոյցը: Մարտ 31-ին անիկա չաշխատեցաւ: Սակայն, ժամացոյցները կանգնեցնելով ժամանակը չէք կրնար կանգնեցնել եւ անիկա այս ընտրութիւններով ապացուցուեցաւ: Արդարութեան հանդէպ մեր հաւատքը վերականգնուեցաւ, անիկա ապահովեցին ոչ միայն իմ օգտին քուէարկած քաղաքացիները, այլ բոլոր անոնք, որոնց օգնութեամբ ընտրութիւնները անցան աւելի հասուն մթնոլորտի մէջ: Դուք Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համբաւը ամբողջ աշխարհի առջեւ բարձր պահեցիք: Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր ընտրողներուն», – նշած է ան:
Իմամօղլուն, վստահեցնելով, որ ջանք պիտի չխնայէ Սթամպուլի եւ, ընդհանրապէս, Թուրքիոյ լաւ ապագայի համար, յայտնեց, որ կը ցանկայ հանդիպիլ նախագահ Էրտողանին եւ պատրաստ է անոր հետ աշխատելու:
«Քաղաքացին յոգնած է քաղաքական պայքարէն: Ուստի՝ կը ցանկանք աւարտելու նպատակով օրակարգի մէջ ներառել այն բոլոր խոստումները, որոնց կատարման գործը մենք կիսատ ձգած ենք», – յայտնած է ան:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Իմամօղլուն յայտարարեց. «Սա յաղթանակ չէ, այլ նոր սկիզբ: Քաղաքացիներուն կ’ուզեմ տեղեկացնել, որ հաւասար վերաբերում պիտի ցուցաբերեմ բոլորի նկատմամբ»: