Անցումային Ապօրինի Գործարքէն Ետք Տասնեակ Աշխատակիցներու Աշխատավարձը Կասեցուեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հաշուեքննիչ դատարանի դատախազները յորդորած են, որ պետական ​​պիւտճէի պակասուրդը դադրեցնելու համար, անհրաժեշտ է կասեցնել աւելի քան 40 աշխատողի աշխատավարձ։

Դատաւորներ Ֆաուզի Խամիս եւ Պասսամ Ուեհպէ Ուրբաթ օր միասնաբար հրապարակած են 11 որոշում, ներառեալ` վարչական զարգացման պետական ​​նախարարի պաշտօնին աշխատող ինը աշխատակիցի աշխատավարձի կասեցումը, 26-ը` մասնագիտական ​​եւ արհեստագիտական կրթութեան գլխաւոր տնօրինութեան, իսկ 7-ը Բարձրագոյն Կրթութեան Տնօրինութեան վերաբերեալ:

Ըստ աղբիւրին՝ դատախազը այժմ խորհրդարան պիտի ուղարկէ խնդրանք, որպէսզի իրականացուի ապօրինի վարձակալութեան հետաքննութիւն եւ ոեւէ նախարարի ներգրաւուած ըլլալու պարագային՝ «պատշաճ քայլեր ձեռնարկուին»:

Ելեւմուտքի եւ Պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ հաշուետւութիւններուն մէջ խախտումներ յայտնաբերած էր, անցեալ ամիս յայտարարեց, որ ընդհանուր առմամբ 5,413 մարդ վարձատրուած է ապօրինի կերպով:

Դատական ​​քննութիւնը կը շարունակուի պետական ​այլ ​հաստատութիւններու մէջ եւս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *