«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի օր հերթագրեց օրէնսդրական նիստ մը, որ պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ։ Խորհրդարանի նախագահի գրասենեակէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նիստը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 26-ին, ժամը 11-ին:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, իր հերթին յայտնեց, թէ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 9 կէտ:
Նիստ մը, որ պիտի վաւերացնէ կարեւոր օրէնք մը, որ կ՝արտօնէ պետութեան գումար ծախսելու պաշտօնական պիւտճէի ընդունման բացակայութեան պարագային, եւ որ պիտի ըլլայ «ամենակարեւոր կէտերէն մէկը»,- ըսաւ Ֆըրզլի:
Ամսուան սկիզբը, Խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովը քուէարկեց նշեալ կէտին երկարաձգումը մինչեւ Յուլիսի կէս, սակայն Խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ զայն նախքան՝ օրէնքի վերածելը:
Ֆըրզլի նաեւ նշեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ օրէնսդիրները պիտի քննարկեն շարք մը հրատապ օրինագիծեր՝ ինը կէտերուն հետ միասին: