«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դատաւորները Երկուշաբթի օր յայտարարեցին, թէ ժամանակաւորապէս պիտի կասեցնեն գործադուլը, որ սկսած էր աւելի քան մէկ ամիս առաջ` 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծով խնայողութիւններու միջոցներուն դէմ բողոքելու համար եւ կը պահանջէր դատական համակարգին անկախութիւնը:
Դատաւորներուն նշեալ որոշը յաջորդեց այն կարճատեւ հանդիպումին, որ կայացաւ Պէյրութի Արդարադատութեան պալատին մէջ, հաղորդեց պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ դատաւորները շուտով բացատրութիւններ պիտի տան իրենց որոշման մասին:
2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ ներկայիս կը քննարկուի խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ, կը ներառէ պիւտճէի պակասուրդի կրճատման համար խիստ խնայողութիւններու միջոցներ: Անոր ծախսերուն կրճատումները կը ներառեն պետական հատուածի նպաստներու եւ կենսաթոշակներու նուազում:
Նախագիծի համաձայն, դատաւորի կենսաթոշակային հիմնադրամին տրամադրուած է 10.8 միլիառ լիբանանեան ոսկի (մօտ 7.1 միլիոն տոլար), 2018-ի պիւտճէով յատկացուած 12 միլիառին (մօտ 7.9 միլիոն տոլար) փոխարէն:
Քանի որ կառավարութեան կողմէ Մայիսին նախագիծը ներկայացուած է խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին՝ օրէնսդիրները մերժած են պիւտճէի շարք մը խնայողութիւններու միջոցներ, ինչպէս` կենսաթոշակներու նոր հարկերը:
Երբ յանձնաժողովը հաստատէ փաստաթուղթը, պիւտճէն պիտի փոխանցուի խորհրդարանի ընդհանուր ժողով` օրէնսդիրներին կողմէ քուէարկուելու: