Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Կը Հանդիպի 100 + Նիւթերու Օրակարգով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետին մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն՝ Կառավարութիւնը Երեքշաբթի պիտի հանդիպի՝ քննարկելու 100-է աւելի նիւթեր։ Իսլամական տօնէն եւ քաղաքական լարուած վիճակին վերացումէն ետք՝ նշեալ հանդիպումը պիտի ըլլայ կառավարութեան առաջին նիստը:

Հակառակ նախորդ զեկոյցներուն, թէ նստաշրջանը պիտի անդրադառնայ հիմնական նշանակումներուն՝ լրացնելով թափուր աշխատատեղերը վարչական եւ դատական ​​պաշտօններու մէջ, աղբիւրը յայտնեց, որ Երեքշաբթի օրուան օրակարգը պիտի չանդրադառնայ նշանակումներուն:

Նիստի նախօրէին՝ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ կը ղեկավարէ Ազգային Ազատ շարժումը, կը ձգտի մեղմել լարուածութիւնը Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ կը ղեկավարէ Ալ Մուսթաքպալ շարժումը։ Ան Հինգշաբթի յայտարարեց, որ պատրաստ է հանդիպելու վարչապետին՝ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները հարթելու նպատակով:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *