ԱՄՆ-ի Մէջ Ուսուցում Անցնող Թուրք Օդաչուներուն Արգիլած են Թռիչքներ Կատարել F-35-ով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի Արիզոնա նահանգի «Լիւկ» ռազմաօդային կայանի մէջ ուսուցում անցնող թուրք օդաչուներուն արգիլած են թռիչքներ կատարել F-35 կործանիչ-ռմբակոծիչներով: Այդ մասին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Reuters գործակալութիւնը:

Աւելի վաղ Foreign Policy հանդէսը գրած Է, որ Փենթակոնի ղեկավար Փաթրիք Շանահան իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին ծանուցած Է, որ ԱՄՆ-ի մէջ F-35-երով վարժական թռիչքներ կատարող թուրք օդաչուները պէտք Է երկիրը լքեն մինչեւ Յուլիս 31: Այդ որոշումը ընդունուած Է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին Ուաշինկթընը Անգարան կը համաոզԷ հրաժարիլ ռուսական Ս-400 զենիթահրթիռային համալիրի գնումէն: «Նախարարութեան յայտնի Է, որ թուրք օդաչուները… թռիչքներ չեն կատարեր»,- գործակալութիւնը մէջբերած Է Փենթակոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մայք Էնդրիւսի խօսքը, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսթին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *