Կառավարութիւնը Կը Հաստատէ Պիւտճէն՝ Նուազեցնելով Պակասուրդը 4 Տոկոսով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի օր կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ 2019-ի պետական ​​պիւտճէի նախագիծին եւ զայն փոխանցեց խորհրդարանի հաստատման: Պիւտճէի բարեփոխումը կը վերաբերի համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ)  7.59 տոկոսի նուազման, որ ցած է 2018-ի 11.5 տոկոսէն: Այդ մասին, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

«Ասիկա շատ գոհացուցիչ թիւ է»,- ըսաւ Խալիլ: «Մենք պիտի աշխատինք պակասուրդը ապագային եւս այս սահմանին մէջ պահպանելու»,- աւելցուց ան:

Պաապտայի պալատին մէջ ժամը 11: 30-ին սկսած նիստը Ապրիլ 30-էն ի վեր 20-րդ նիստն էր՝ նուիրուած պիւտճէի քննարկման։

Նոյն օրը խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պըրրի ըսաւ, որ խորհրդարանը մէկ ամիս ժամանակի կարիք ունի՝ վաւերացնելու համար պիւտճէի նախագիծը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *