«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Երբ յեղափոխական առաջնորդը չի ստանար այն, ինչ կը ցանկայ, արդեօ՞ք ան կ՛երթայ մանրակրկիտ բարեփոխումներու ճանապարհով, թէ՞ կը վերսկսի յեղափոխութեան: Անհանգստացնող նշաններ, որ Փաշինեան Հայաստանի մէջ կ՛երթայ երկրորդ ուղիով»,-այս մասին թուիթըրի մէջ գրած է Կովկասի հարցերով փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ` անդրադառնալով այսօր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ դատական համակարգին մէջ անհրաժեշտ են վիրահատական միջամտութիւններ:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան 8.30-էն քաղաքացիները արգելափակած էին Հայաստանի դատարաններու մուտքերը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորով:
Այսօր ժամը 12-ին վարչապետը ուղիղ եթերով ելոյթ ունեցաւ դատաիրաւական համակարգի վերաբերեալ ու կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն ժամը 13.30-էն բանալ բոլոր դատարաններուն մուտքերը: