Կառավարութիւնը Կիրակի Գիշեր Պիտի Շարունակէ Պիւտճէի Քննարկումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութիւնը, իր 14-րդ նստաշրջանէն ետք անգամ, համաձայնութեան չհասաւ 2019-ի Պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ։ Յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Կիրակի գիշեր։ Այս մասին յայտարարեց տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ՝ Ուրբաթ օրուան հանդիպումէն ետք։

Նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ Կառավարութիւնը համաձայնութեան եկաւ որոշ միջոցներու շուրջ, ինչպէս՝  քաղաքապետարանները պարտաւոր են զեկուցելու Ելեւմտական նախարարութեան իրենց բոլոր գործերուն մասին, որպէսզի կանխուի հարկերէ խուսափումը։  

Կառավարութիւնը նաեւ առաջարկեց հանրային ոլորտի աշխատակիցներուն յատկացուելիք  փոխադրամիջոցներու գումարը 8,000 լ.ո.-էն (մօտ 5 տոլար) իջեցնել 6,000 լ.ո.:

Նշենք, որ Կառավարութիւնը հանդիպեցաւ Ուրբաթ, ժամը 2:00-ին, իր 14-րդ նստաշրջանով քննարկելու պետական պիւտճէն: Հանդիպումը վարեց վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հակառակ պիւտճէին վերաբերեալ կարգ մը կէտեր ընդունելուն՝ նախարարները կը շարունակեն հակասական կարծիքներ ունենալ պետական հատուածի աշխատավարձերու եւ նպաստներու կրճատումներուն վերաբերեալ առաջարկներուն գծով։ Անոնք տաւակին պէտք է համաձայնին պետական պաշտօնեաներու՝ ներառեալ նախարարներու եւ օրէնսդիրներու, աշխատավարձերու կրճատման։

Ուրբաթ օր, պետական շարք մը ​​մարմիններ գործադուլ կազմակերպեցին՝ բողոքելու համար պիւտճէի մէջ առաջարկուող խնայողութիւններուն եւ կրճատումներուն դէմ։ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *