«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնիներու նախկին Պատրիարք Քարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր Հինգշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, յուղարկաւորուեցաւ Պքերքէի մէջ` ներկայութեամբ բարձրաստիճան այրերու եւ հազարաւոր սգակիրներու:
Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նախագահ Միշէլ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ պաշտօնատար այլ անձեր։
Պատրիարք Ռայի, յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, թէ Սֆէյր պատրիարքը ժողովուրդին համար օրինակ եղած էր։
Այնուհետեւ՝ նախագահ Միշէլ Աուն Սֆէյր Պատրիարքը պարգեւատրեց Լիբանանեան բարձրագոյն շքանշանով։
Յուղարկաւորութեան ներկայ եղան յատուկ պատուիրակներ Ֆրանսայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Յորդանանէն, Քաթարէն եւ Կիպրոսէն։
«Լիբանանն ու եկեղեցին պիտի փնտռեն Սֆէյր Պատրիարքը՝ Լիբանանի Քրիստոնէական պատմութեան իբրեւ հենասիւն»,- գրարած է երեսփոխան Շամէլ Ռաքուզ։
Եկեղեցւոյ արարողութեան ընթացքին՝ Հինգշաբթի առաւօտ, Ժիպէյլի Մարոնի եպիսկոպոս Աուն Սֆէյր պատրիարքը համարած է 1970-90 քաղաքացիական պատերազմի «խղճի ձայն»ը։
ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը՝ ամերիկացիներու անունով՝ յղած է ցաւակցական հեռագիր, ուր նկարագրած է Սֆէյրը իբրեւ խիզախ առաջնորդ՝ բռնապետութեան ու ճնշման դէմ եւ ինքնիշխան ու անկախ Լիբանանի գաղափարի ախոյեան»:
Իսկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Իր ողջ կեանքին ընթացքին Պատրիարք Սֆէյր եղած է Լիբանանի խաղաղութեան եւ հաշտեցման ոլորտի առաջատարներէն մէկը»: