Գանատայի Ջրհեղեղի Հետեւանքով Տարահանուած է 12 հազար մարդ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գանատայի Արեւելքի ջրհեղեղի հետեւանքով 12 հազար մարդ տարահանուած են: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, գանատական CTV հեռատեսիլի ալիքը կը տեղեկացնէ, որ ջրհեղեղը գրանցուած է Քեպէք, Նիւ-Պրանսուիք եւ Օնթարիօ շրջաններուն մէջ:

Միայն Քեպէքի մէջ իրենց տուները ստիպուած լքած է աւելի քան 10 հազար մարդ: Այս շրջանի մէջ 6 հազար 700 տուն ջուրի տակ անցած է, իսկ աւելի քան 3 հազար 400 տուն շրջապատուած է ջուրով:

Գանատայի զինուորականները կամաւորներու հետ պատնէշներ կը կառուցեն գետի երկայնքով: Ըստ տեղական մարմիններու՝ ջրհեղեղի գագաթնակէտը արդէն անցած է, կը կանխատեսուի ջուրի հետընթաց: Թէեւ Օնթարիօ շրջանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ բարդ մնալ, օդերեւութաբանները յառաջիկայ օրերուն համար կը կանխատեսեն յորդառատ անձրեւներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *