Խալիլ. Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Պիւտճէի Հարցով Նիստ Պիտի Գումարէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Կառավարութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի գումարէ նիստ մը՝ նուիրուած 2019 թուականի պետական ​պիւտճէի քննարկման: Այս մասին կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք յայտարարեց ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի խնդրանքով՝ պիւտճէի նախագիծին վերջին օրինակը, Երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին, պիտի տրամադրուի նախարարներուն:

Հինգշաբթի օրուան 37-րդ նիստին ընթացքին, նախարարները, ըստ աշխատավարձի չափի օրէնքին, հաւանութիւն տուին Թրիփոլիի նաւահանգիստին մէջ աշխատողներուն եւ երկաթուղագիծի ու  հասարակական փոխադրամիջոցներու մարմնի աշխատավարձերու բարձրացման:

Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն՝ Նախագահ Միշել Աուն խնդրեց, որ «ակնկալուող եկամուտներն ու ծախսերը» յստակ ցոյց տուող պիւտճէին նախագիծը ուղարկուի Կառավարութեան։

«Մենք պէտք է որոշենք եկամուտի աղբիւրները կա՛մ առկայ հարկերուն եւ վճարումներուն կա՛մ՝ այլ միջոցներով»,- ըսաւ Աուն:

Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝  Խալիլ «բնական» համարեց խնդրանքը եւ համաձայնեցաւ, որ «թիւերը պէտք է ենթարկուին քննարկման եւ բարձրացուած բոլոր հարցերուն պատասխաններ ըլլան»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *