ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Երեքշաբթի, կառավարութեան ներկայացուցած է 2019 թուականի պետական պիւտճէի փոփոխուած նախագիծը:
Խալիլիի ներկայացուցած պիւտճէի նախորդ նախագիծը վերանայուած էր Ելեւմտական նախարարութեան հաշուեցոյցին հիման վրայ։
«Ֆինանսական իրավիճակին լոյսին տակ՝ նախագիծը խստացուած է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Հարիրի եւ Խալիլ նախապէս յայտնած էին, որ պիւտճէն պիտի ներառէ խնայողութիւններու միջոցներ եւ կրճատումներ՝ պակսեցնելու համար ծախսերը, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին հասած էին 6.7 միլիառ տոլարի: