Հարիրի Կոչը. Տնտեսութիւնը Փրկելու Խիստ Քայլեր Պէտք Է Ձեռնարկել

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի Չորեքշաբթի յայտարարած է, որ Լիբանանը եւ անոր տնտեսութիւնը կրնան «կործանուիլ», եթէ 2019-ի Պետական պիւտճէին գծով կառավարութիւնը խստագոյն միջոցներ չձեռնարկէ:

Հարիրի, նոյն օրը, օրէնսդիր խորհրդարանական նիստի ժամանակ ըսած էր, որ կառավարութիւնը աննախադէպ խստութեամբ պիւտճէի մը նախագիծը պէտք է պատրաստէ:

«Պէտք է իրական բարեփոխումներ իրականացնել երկրին մէջ: Մեր ելեւմտական վիճակը թոյլ չի տար շռայլ ծախսեր ընել»,- ըսած է ան խորհրդարանի նիստէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին:

Հարիրի նշած է, թէ խստացած միջոցները կրնան շարունակուիլ երկու-երեք տարի, որմէ ետք արդէն բնական հունի մէջ կը մտնէ: Անոր համաձայն, առ այժմ նպատակը երկիրն ու երկրի տնտեսութիւնը փրկելն է։

Վարչապետը նաեւ նշած է, որ 2002 Նոյեմբերին կայացած Փարիզ երկու խորհրդաժողովէն ետք, եթէ բարեփոխումները հաստատուած ըլլային՝ երկիրը ներկայ իրավիճակին պիտի չմատնուեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *